2016-03-04 10:49:00

Մեծ պահքը` Աստուծոյ դառնալու հրաւէր Է. Արամ Ա. Կաթողիկոս


Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքի առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` հրաւէրովը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան: Միաբան հայրերու կողքին արարողութեան իրենց երգեցողութեամբ մասնակցութիւն բերին դպրեվանքի սաները:

Արարողութեան ընթացքին, ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղելով վեհափառ հայրապետը նախ նշեց, թէ հայ եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան համաձայն, Արեւագալի ընթացքին կ’արտասանուի «հրաժարիմք»-ը` դէպի արեւմուտք դառնալով, եւ ապա անոր կը յաջորդէ հաւատոյ խոստովանութեան ընթերցումը: Անդրադառնալով «հրաժարիմք»-ի իմաստին` վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ երեք կէտերը.

«ա) Հրաժարիլ աշխարհի չարերէն, չարիքներէն ու մեղքերէն: Դարեր առաջ մեր հայրերուն կողմէ բանաձեւուած այս աղօթքը եթէ այսօր գրուէր, ներկայ աշխարհի չարերուն ու մեղքերուն թիւը եւ տեսակը բազմապատկուած պիտի ներկայացուէր…: Արդարեւ, պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ աշխարհը որքան կը յառաջդիմէ ու կը զարգանայ, դրական իրագործումներուն առընթեր, դժբախտաբար մարդկային կեանքը կը լեցուի բազմատեսակ եւ բազմագոյն չարերով ու մեղքերով: Մարդը ի՛նքն է պատճառը չարին ներկայութեան: Աստուած չարը չստեղծեց. բարին ու չարը չեն կրնար գոյակցիլ. չարը բարիին բացակայութիւնն է: Հետեւաբար, այնքան ատեն որ բարին ներկայ կ՛ըլլայ մարդկային կեանքին մէջ, չարը չի կրնար մօտենալ:

բ) Հրաժարիլ աշխարհակեդրոն կեանքէն. աշխարհը մարդու վախճանական վայրը չէ: Աշխարհի նիւթեղէն թագաւորութիւնը Քրիստոս եկաւ իր երկնային արժէքներով քանդելու ու հիմնելու երկնքի թագաւորութիւնը: Հետեւաբար, երկրաւոր թագաւորութիւնը իր չարիքներով ու մեղքերով հեռու պէտք է մնայ մեր մտածումներէն եւ կեանքէն: Անոր տիրապետութիւնը կը նշանակէ Աստուծոյ բացակայութիւնը մեր կեանքէն:

գ) Հրաժարիլ անձնակեդրոն կեանքէն. մեր կեանքին ծնունդ, իմաստ, նպատակ տուողը Աստուած ինքն է եւ ոչ թէ մարդը: Հետեւաբար, Աստուած ինք մեր կեանքին կեդրոնը պէտք է դառնայ եւ ոչ թէ մարդը` իր երկրաւոր հաճոյքով ու փառքով: Մարդակեդրոն կեանքը ժխտումն է Աստուծոյ ներկայութեան, եւ հետեւաբար` աղբիւրը չարիքի ու մեղքի:

Քրիստոնեայ անհատը կոչուած է հրաժարելու այս բոլորէն: Ճիշդ է, իբրեւ մարդ դժուար է հրաժարիլ յաճախ մեր կեանքը լեցնող այս երեւոյթներէն, սակայն Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ Քրիստոսով զօրացած ու իրեն նման ըսել երեւելի ու աներեւոյթ կերպով մեզի մօտեցող սատանաներուն` ետիս գնա՛ Սատանայ®»:

Այս ընդհանուր ակնարկէն ետք, վեհափառ հայրապետը նաեւ վերլուծեց Աստուծոյ դառնալու իմաստն ու կարեւորութիւնը: «Հրաժարիմք»-էն ետք, եկեղեցին իր հաւատացեալները կը հրաւիրէ դառնալու դէպի լոյս, այլ խօսքով` դէպի Աստուած եւ աստուածգիտութիւն: Ի՞նչ կը հասկնանք այս հրաւէրով.

«ա) Անհրաժեշտ է դառնալ խաւարէն դէպի լոյս: Աստուած ոչ միայն լոյսի ստեղծիչն է, ինչպէս որ կը կարդանք Ծննդոցի մէջ տիեզերքի ստեղծագործութեան ընթացքին, Աստուած լոյսն իսկ է իր էութեամբ: Լոյսը թէ՛ իր նիւթեղէն եւ թէ՛ հոգեւոր իմաստով հոմանիշ է գերագոյն արժէքներու, կատարելութեան, անմահութեան, յաւերժութեան, գեղեցկութեան. այլ խօսքով` աստուածութեան: Լոյսէն հեռու խաւար է. Աստուծմէ հեռու աշխարհը խաւարի մէջ է ու խաւարը աղբիւր է չարի ու մեղքի: Լոյս եւ խաւար չեն կրնար գոյակցիլ, նոյնիսկ նիւթեղէն իմաստով ու ֆիզիքական օրէնքներու համաձայն. խաւարը լոյսին բացակայութիւնն է: Եկեղեցին կը հրաւիրէ իր հաւատացեալը աշխարհի խաւարէն դառնալու լոյսին` Աստուծոյ:

բ) Անհրաժեշտ է դառնալ Աստուծոյ ու մանաւանդ ճանչնալ զԱստուած: Աշխարհի կրօններու շարքին քրիստոնէութիւնը միակ կրօնն է, որ կը շեշտէ աստուածգիտութեան կամ աստուածճանաչողութեան կարելիութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Պարզ լեզուով, քրիստոնեան զԱստուած կրնայ ճանչնալ, որովհետեւ Աստուած ինքզինք իր նախաձեռնութեամբ, յայտնութեան ճամբով ճանաչելի դարձուցած է մարդուն: Հետեւաբար, մարդուն աստուածճանաչողութիւնը իր բանականութեան արդիւնքը չէ, այլ Աստուծոյ կողմէ մարդուն ընծայուած երկնային շնորհ մը:

գ) Աստուած ճանաչողութիւնը կ’ենթադրէ` Աստուծոյ ներկայութեամբ շաղախել մեր կեանքը, երկնային արժէքներով թրծել մեր մտածումներն ու գործերը եւ մեր կեանքի ճամբուն դիմաց ունենալ միայն զՔրիստոս` իբրեւ մեր կեանքի միակ ճշմարտութիւնը եւ ճամբան: Ահա այս կը նշանակէ աշխարհէն հրաժարելու եւ Աստուծոյ դառնալու իմաստը: Հեռու մնալու համար չարէն ու մեղքէն, պէտք է ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը, հրաժարիլ աշխարհէն ու դառնալ Աստուծոյ: Այս է, որ կը յիշեցնէ մեր եկեղեցին իր հաւատացեալներուն, Մեծ պահքի ընթացքին», իր պատգամը եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:

Արեւագալի արարողութենէն ետք վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած նախաճաշին, որուն ներկայ եղան նաեւ դպրեվանքի ուսանողները, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ առնչուած մարմինները եւ շրջանի ազգայինները:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.